top of page
Immagine del redattoreLetizia Leonardi

Հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները Սուրբ Պետրոսի յաջորդին


Առաջին ad limina այցը ընդգծուած է Սուրբ Պօղոսի՝ Գաղատացիներին ուղղուած նամակին մէջ (1:18 [1]). «Երեք տարի յետոյ ես գացի Երուսաղեմ՝ խորհրդակցելու Կեփասի հետ, և տասնհինգ օր մնացի անոր մօտ։ (Գաղ. 1։18)»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ad limina visit (Ad limina apostolorum) արտայայտութեամբ նկատի ունինք այն հանդիպումը, որ ամբողջ աշխարհի եպիսկոպոսները կ՛ունենան Քահանայապետին հետ Վատիկանի մէջ, ամէն հինգ տարին անգամ մը, Անոր, որպէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդ եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Գլուխ, ներկայացնելու իրենց եկեղեցական շրջանի կրօնական, ընկերային և մշակութային տեսանկիւնէն դիտուած հովուական ամենախնդրահարույց հարցերը և թէ ինչպէս տեղական եկեղեցին կը դիմագրաւէ եւ կը միջամտէ այդ խնդիրները լուծելու համար։

Այս հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով եպիսկոպոսները առիթ կ՛ունենան նաեւ այցելելու եւ հանդիպելու Հռոմի Քուրիայի վերատեսչութիւններու գրասենեակները անոնց հետ եւս քննարկելու որոշ հարցեր ու մօտէն ծանօթանալու համար անոնց յատուկ գործունէութիւններուն։

Այցելութիւններուն իմաստը

Ad limina այցելութիւններու իմաստը քննարկուած է 1988 թուականին հրատարակուած այդ Ժամանակուայ Եպիսկոպոսներու Ժողովին տեղեկատուութեան մը մէջ ուր հաստատուած է թէ այդ այցելութիւնները, «պարզ իրաւական-վարչական արարք մը չեն, որ կը վերաբերին ծիսակարգի, արարողակարգի և իրաւական պարտաւորութիւններուն»։ Անոնք «փորձառութիւններու հարստացում» մը կը բերեն Քահանայապետի ծառայութեան և անոր «եկեղեցւոյ ու աշխարհի լուրջ խնդիրները լուսաբանելու առաքելութեան», որոնք կը տարբերին ըստ «տեղերու, ժամանակներու և մշակոյթներու»։

Առաջին այցելութիւնը

Առաջին ad limina այցը ընդգծուած է Սուրբ Պօղոսի՝ Գաղատացիներին ուղղուած նամակին մէջ (1:18 [1]). «Երեք տարի յետոյ ես գացի Երուսաղեմ՝ խորհրդակցելու Կեփասի հետ, և տասնհինգ օր մնացի անոր մօտ։ (Գաղ. 1։18)»։ Այս այցի ընթացքին Պօղոսը կարողացաւ Պետրոսին (և Յակոբոսին) ցոյց տալ Հրէաստանի որոշ շրջաններուն մէջ աւետարանելու դժուարութիւնները։ Ասիկայ կարելի է համարել փոխ օգնութեան և գործնական հարցերու շուրջ քննարկման առաջին հանդիպում։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ad limina apostolorum արտայայտութեան, անիկայ իր ծագումը կը գնտէ Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին դարերուն մէջ. Ըստ էութեան կանոնական լեզուով, limina apostolorum-ը ցոյց կու տար Պետրոս և Պօղոս առաքեալներու գերեզմանները, հետևաբար ad limina այցելութիւնները բոլոր այն ուխտագնացութիւններն էին, որոնք հաւատացեալներու կողմէն, կատարուեցան դէպի առաքելապետերու գերեզմանները: Եւ ահա նոյն եզրն է, որ յետագային գործածուեցաւ այն այցելութիւններուն համար, զոր բոլոր եպիսկոպոսները պէտք էին կատարել Հռոմ, համաձայն 745 թուականին գումարուած Հռոմի Տիեզերական Ժողովին, Զաքարիա Քահանայապետին օրով։

Կանոնական ընթացքը

Դարերու ընթացքին այս սովորութիւնը կամաց կամաց անհետացաւ եւ իր ուժը վերագտաւ միայն 1585 թուականին, Սիքստոս V Քահանայապետի օրով, որ այդ տարուայ դեկտեմբերի 20-ի «Romanus Pontifex»ի սահմանադրութեամբ վերականգնեցուց այցելութիւններու պարտաւորութիւնը՝ անոնց սահմանելով երեք տարուայ ժամկէտ։ Իսկ 1909 թուականին ժամկէտը վերածուեցաւ 5 տարուայ, կանոն մը, որ վերահաստատուեցաւ 1975 թուականին Եպիսկոպոսներու Ժողովի կողմէ յունիսի 29-ի հրապարակուած «Ad Romanam Ecclesiam» հրամանագիրով:

1983ին հրապարակուած Եկեղեցական Կանոնագիրքին մէջ ad limina apostolorum այցելութիւններուն նուիրուած են երկու կանոններ (399 և 400).

«Թեմական եպիսկոպոսը պարտաւոր է իւրաքանչիւր հինգ տարին անգամ մը հաշուետուութիւն ներկայացնել Քահանայապետին իրեն վստահուած թեմի վիճակի մասին՝ Առաքելական Աթոռի կողմէ սահմանուած ձևի և ժամանակի համաձայն։ (...) Թեմական եպիսկոպոսը այն տարին, երբ իրմէ չի պահանջուիր զեկոյց ներկայացնել Քահանայապետին, եթէ այլ բան չի սահմանուիր Առաքելական Աթոռի կողմէն, Ան կը մեկնի Հռոմ՝ յարգելու Սուրբ Պետրոս և Պօղոս առաքելապետերու շիրիմները և ներկայանալու Սրբազան Քահանայապետին առջեւ »:

Commenti


bottom of page